2015-03-28 11:48:00

''Քոլոսսէումի'' Ճանապարհ Խաչիի` գերապայծառ Քորթիի խորհրդածութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Խաչը  պայծառ գագաթնակէտը մեզ պահպանող Աստուծոյ սիրոյն։ Մենք ալ կանչուած ենք ըլլալու սիրոյ պահապաններ'', այս է ահա Նովարայի երբեմնի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ռէնաթօ Քորթիի, յառաջիկայ 3 ապրիլին, աւագ ուրբաթ օրուայ առթիւ, Հռոմի աշխարհահռչակ Քոլլոսէումի  ամփիթատրոնին մէջ­, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ կայանալիք, աւանդական ճանապարհ խաչիի արարողութեան խորհրդածութիւններու ընտրած բնաբանը։ Մինչ նիւթերու շարքին են` կրօնական հալածանքները, անարդարութիւնը, ընտանիքը, տառապանքը եւ մանուկներու շահագործումը։

Գերապայծառ Ռէնաթօ Քորթիի խորհրդածութիւնները կեդրոնացած են` Աստուծոյ սիրոյն վրայ. Սէր` որ է նուիրում եւ որ յատկապէս մեզի կ՛ընծայուի Խաչեալ Յիսուսի միջոցաւ։ Այս սիրոյ դիմաց ուստի հրաւէր մը կայ` մեր կարգին դառնալու պահապանները արարչութեան ու ամէն անհատի։

Խաչի ծանրութեան տակ գտնուող Յիսուսի մէջ կարելի է տեսնել, բանտարկուած այրեր եւ կիներ, դատապարտուած կամ հարստահարուած  հաւատացեալներ եւ կամ արդարութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր յանձնառու անձեր։

Քրիստոսի չարչարանքին ու անձկութեան մէջ կարելի է շօշափել առանձնութեան, լքուածութեան, անտարբերութեան եւ հիւանդութեան վէրքերը։ Մարդեղացած Աստուծոյ տանջանքին մէջ կան` ատելութենէն, սրտի կարծրութենէն եւ կեղծաւորութենէն վիրաւորուած մարդիկ, ինչպէս նաեւ չարաշահուած մանուկներ։ 

Գերապայծառ Ռէնաթօ Քորթի յատուկօրէն կ՛անդրադառնայ նաեւ ''կիներուն'' ու անոնց ներկայութեան եկեղեցւոյ մէջ, Մարիամին` գողգոթայի ողբերգութեան դերակատարին յանձնելով ժամանակակից ընտանիքը եւ ''Ընտանիքի'' մասին գումարուած յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։

Գեղապայծառ Քորթի իր խորհրդածութիւնները ճոխացուցած է Փաքիստանցի նահատակ` Շահպազ Պհաթիի, Մոնթինի` Պօղոս Զ քահանայապետի եւ Կարդինալ Քարլօ Մարիա Մարթինիի գրութիւններով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.